image

Սպանութիւն Երեւանի մէջ. Տղամարդու դիակ գտնուած է ինքնաշարժի մէջ

Սպանութիւն Երեւանի մէջ. Տղամարդու դիակ գտնուած է ինքնաշարժի մէջ
Ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Արտաշատի խճուղիին մէջ մեքենայ կայ, որու մէջ՝ տղամարդու դի: Այս մասին կը յայտնէ ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը:
 
Mazda մակնիշի մեքենային մէջ յայտնաբերուած է Երեւան քաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանի բնակիչ՝ 37-ամեայ Վազգէն Ղ.-ի դին: Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ մեքենային մէջ յայտնաբերուած է նաեւ ատրճանակ, որով, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, Վազգէն Ղ.-ն ինքնասպան եղած է:
 
Փաստի առթիւ Շէնգաւիթի քննչական բաժնէն ներս յարուցուած է քրէական գործ: Քննիչի որոշմամբ նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ: