image

Թոխմախի գերեզմանոցին մէջ յայտնաբերուած է վերջոյթները ամբողջովին յօշոտուած տղամարդու դի

Թոխմախի գերեզմանոցին մէջ յայտնաբերուած է վերջոյթները ամբողջովին յօշոտուած տղամարդու դի

Յուլիս 18-ին, առեղծուածային ու ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ըստ shamshyan.com-ի՝ ժամը 14։20-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Էրեբունիի բաժին տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Թոխմախի գերեզմաններու տարածքին մէջ տղամարդու դի կայ։

Տեղւոյն մէջ, շիրմաքարերէն մէկուն մօտ տեղադրուած զրուցարանին մէջ համայնքային ոստիկաններն ու պարեկները յայտնաբերած են վերջոյթները գրեթէ ամբողջովին յօշոտուած տղամարդու դի։

Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ուրկէ ալ կը պարզուին դէպքի հանգամանքները եւ մահացածի ինքնութիւնը։