image

Գտնուած է Փամբակ գետն ինկած քոյրերէն մէկու մարմինը

Գտնուած է Փամբակ գետն ինկած քոյրերէն մէկու մարմինը

Գտնուած է Փամբակ գետն ինկած քոյրերէն մէկու՝ 7 տարեկան Նարինէի մարմինը։ Այս մասին յայտնած են ներքին գործոց նախարարութենէն։

Երեխայի մարմինը յայտնաբերուած է ենթադրեալ դէպքի վայրէն 500 մ հեռաւորութեան վրայ։

ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն յայտնած են, որ յունիս 15-ին՝ ժամը 14։45-ին, Լոռիի մարզային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած էր երեխայի խեղդուելու վերաբերեալ։ Այնուհետեւ ժամը 17։05-ին ստացուած էր մէկ այլ ահազանգ, որ 7 եւ 13 տարեկան երկու երեխայ Վանաձոր քաղաքի Նարեկացի փողոցի հասցէներէն մէկէն դուրս եկած են եւ չեն հասած նախատեսուած վայր։

Ականատեսները լրագրողներուն պատմած էին, որ յունիս 15-ին կէսօրին գետէն ձայներ լսած են, թէ ինչպէս երեխայ մը օգնութիւն կը կանչէ։ Սակայն մինչեւ ձայնի ուղղութեամբ գացած են՝ երեխան այնտեղ չէ եղած։ Երեխաներու մայրը նախ ըսած է, որ մէկ երեխան կորսուած է, այնուհետեւ տեղեկացուցած է, որ միւս երեխան ալ չկայ։ Ընտանիքի մէջ հինգ երեխայ են, Վանաձորի մէջ վարձով կ՚ապրին։