Այսօր հերթական անգամ ատրպէյճանցիներն այցելած են Սիւնիքի մարզի Որոտան համայնք։ Tert.am-ի թղթակցի փոխանցմամբ` ատրպէյճանցիները արդէն այդ հատուածին մէջ են եւ Որոտան գետի ձախ ափին տեղադրած են Ատրպէյճանի դրօշը։ Հայկական ու ատրպէյճանական ուժերու մարտական յենակէտերու համաձայնեցուած տեղակայման գործընթացը կը շարունակուի, բայց ատրպէյճանցիներն արդէն զինուորներ տեղակայած են, պաշտպանական կառոյց՝ զրահ ու դիրք ունին։ Այդ հատուածէն անոնց նշանառութեան տակ է «Տաթեւ» ՀԷԿ-ը, Գորիս-Կապան ճանապարհի չորս քմ երկարութեամբ հատուածը, որու մասին կը զգուշացնեն ՀՀ սահմանապահ զօրքերը, եւ Որոտան համայնքը։
Նշենք, որ օրեր առաջ եւս ատրպէյճանցիները իրենց դրօշով եկած էին Որոտան, սակայն ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ համայնքի տարածքին մէջ դրուած դրօշը հեռացուցած էին, այն դիրքին մէջ տեղադրուած չէր։

