Կովկասի մէջ Ռուսիոյ հիմնարար շահը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու զարգացումն է․ Մոսկուան կ՚ուզէ, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ բարգաւաճում ըլլայ, որ հնարաւոր ըլլայ համագործակցիլ տարածաշրջանի երկիրներու հետ՝ ատոր ներուժը բացայայտելու եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար։ Այդ մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Քալուկինը՝ անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան շահերուն եւ հետաքրքրութիւններուն։
«Ռուսիոյ շահերը Հարաւային Կովկասի մէջ անսասան են։ Մեր գլխաւոր մտահոգութիւնն այնտեղ (խմբ․ Հարաւային Կովկասի մէջ) կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտիի պահպանումն է, որ կարենանք համագործակցիլ տարածաշրջանի երկիրներու հետ՝ ատոր ներուժը բացայայտելու եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար։ Ռուսիոյ հիմնարար շահը Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու զարգացումն է՝ կանխելով ատոր քաոսի վերածուիլը»,-ընդգծած է ռուս դիւանագէտը։
Քալուկինի բնորոշմամբ՝ Ռուսիան պարզապէս Հարաւային Կովկասի հարեւանը չէ, այլ ինքնին կովկասեան տէրութիւն է։
«Մենք Կովկասեան լեռնաշղթայի հարաւային կողմը գտնուող ժողովուրդներու հետ միաւորուած ենք դարաւոր բարեկամութեամբ, ընդհանուր պատմութեան փառահեղ գլուխներով, քաղաքակրթական մտերմութեամբ եւ միլիոնաւոր ընտանեկան ու ազգակցական կապերով։ Երկար ժամանակ մենք ապրեր ենք որպէս մէկ պետութեան մաս։ Ժամանակ մը Ռուսիոյ հետ մերձեցումը թոյլ կու տար տարածաշրջանի ժողովուրդներուն պահպանել իրենց ինքնութիւնը։ Հարաւային Կովկասի հանրապետութիւններու պետական հիմքերու ձեւաւորումը տեղի ունեցած է խորհրդային ժամանակաշրջանին»,-ըսած է Քալուկինը։
Ան նաեւ համոզմունք արտայայտած է, որ Ռուսիոյ եւ Կովկասի երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող եզակի յարաբերութիւնները չեն տուժեր ժամանակէն եւ արտաքին ճնշումէն, իսկ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները միշտ անմիջականօրէն ազդած են Ռուսիոյ արտաքին եւ ներքին անվտանգութեան շահերու եւ տնտեսութեան վրայ։
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաէորման գործընթացին՝ ռուս դիւանագէտը նշած է․ «Այսօր Պաքուն եւ Երեւանը կը վարեն հիմնական ուղիղ երկխօսութիւն՝ առանց միջնորդներու։ Երկու հանրապետութիւններու արտաքին գործերու նախարարները նախաստորագրած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրը։ Հաշուի առնելով ռուսական կողմի եւ անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներդրումը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ՝ մենք ուրախ կ՚ըլլանք մեր գործընկերները հիւրընկալել մեր հարթակին վրայ՝ վերջնական փաստաթուղթը ստորագրելու համար»։
Հայաստանն ու Ատրպէյճանը օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Ատկէ ետք թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած են, որ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է։