image
Հրատապ լուրեր:

Անկախութենէն ետք առաջին առեւտրատնտեսական գործարքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ. Պապոյեանը՝ ատրպէյճանական վառեալնիւթի մատակարարման մասին

Անկախութենէն ետք առաջին առեւտրատնտեսական գործարքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ. Պապոյեանը՝ ատրպէյճանական վառեալնիւթի մատակարարման մասին

Այս րոպէներուն Վրաստան-Հայաստան սահմանը կը հատէ (Այրում կայարան) 1300 թոն ծաւալով 22 վակոն ատրպէյճանական ծագման A95 վառելանիւթու (պենզինով) բեռնուած գնացքը, որ Հայաստան եկած է Ատրպէյճան-Վրաստան-Հայաստան երկաթգիծով։

Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։

«Թերեւս, սա ոչ միայն Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնից յետոյ, այլեւ, առհասարակ, անկախութիւնից յետոյ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ առաջին առեւտրատնտեսական գործարքն է»,- գրած է Պապոյեան։