Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան առաջնային հարցերէն կը համարէ հայաստանեան կեանքին մէջ սփիւռքի ձայնը աւելի լսելի դարձնելու հարցը. առհասարակ գոյութիւն ունեցող բանաձեւերէն է երկպալատ խորհրդարանի ստեղծումը՝ սփիւռքեան խորհրդակցական պալատով, սակայն Հայաստանի մէջ տարբերակներու ընտրութեան շուրջ դեռ քննարկումներ պէտք է ըլլան:
Այս մասին ըսաւ ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը իր տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին՝ անդրադառնալով ՀՀ քաղաքական գործընթացներուն մէջ սփիւռքի մասնակցութիւնը ապահովելու համար Հայաստանի մէջ երկպալատ խորհրդարան ձեւաւորելու վերաբերեալ հարցին:
Հարցումին, թէ ի՞նչ տեսակէտ ունի յանձնակատարի գրասենեակը, որ արտասահմանի հայկական կազմակերպութիւնները, քաղաքականութեամբ զբաղող սփիւռքահայերը կարենան մասնակցիլ Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն:
«Սա այն հարցերէն մէկն է, որ կը կարծեմ՝ ամենաառաջինն է այն օրակարգին մէջ, որ պէտք է ձեւաւորուի մեր յաջորդ համաժողովի ընթացքին. ինչպէս կը գտնենք բանաձեւ մը, կը ստեղծենք կառոյց մը, որ առանց Հայաստանը վտանգավոր ցնցումներու ենթարկելու, հնարաւորութիւն կու տայ սփիւռքին իր ձայնը շատ աւելի լսելի դարձնելու հայաստանեան կեանքին մէջ», ըսաւ Սինանեան:
Ան նշեց, որ աշխարհի մէջ ձեւեր կան, պարզապէս պէտք է համաձայնիլ բանի մը շուրջ եւ իրագործել զայն:
«Երկպալատ խորհրդարանի տեսակը մէկն է այդ հնարաւորութիւններէն, որ գոյություն ունի, ի հարկէ, խօսքը օրէնսդիր պալատի եւ խորհրդակցական սփիւռքեան պալատի մասին է: Բայց կան նաեւ այլ բանաձեւեր: Անհրաժեշտ է, որ մենք հաւաքուինք մէկ սեղանի շուրջ, քննարկենք հարցը եւ տեսնենք, թէ որն է մեծամասնութեան եւ պետութեան համար ընդունելի եւ անցնինք յառաջ», ըսաւ գլխաւոր յանձնակատարը: