image

Սի Ծինփինը Փեքինի մէջ ընդունած է Գերմանիոյ վարչապետ՝ Շոլցը

Սի Ծինփինը Փեքինի մէջ ընդունած է Գերմանիոյ վարչապետ՝ Շոլցը

Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինը երեքշաբթի Փեքինի մէջ ընդունած է եռօրեայ պաշտօնական այցով Չինաստան գտնուող Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, յայտնած է Չինաստանի կեդրոնական հեռուստատեսութիւնը։

Հանդիպումը տեղի ունեցած է երեքշաբթի առաւօտեան Փեքինի Տիաոյութայի պետական նստավայրին մէջ։

Շոլց Չինաստան ժամանած է ապրիլ 14-ին, ան արդէն եղած է Չունցին եւ Շանհայ քաղաքները։ Փեքինի մէջ ան բանակցութիւններ պիտի վարէ նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Պետական խորհուրդի վարչապետ Լի Ցեանի հետ, որու ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել առեւտրային յարաբերութիւնները, Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը եւ իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Շոլց վերջին անգամ Չինաստան այցելած է 2022 թուականի նոյեմբերին։ Գերմանական կառավարութեան կարծիքով, բացի տնտեսական յարաբերութիւններէն, ընթացիկ այցի առանցքը պիտի ըլլայ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներն ու կայուն զարգացման ռազմավարութիւնները։