image
Հրատապ լուրեր:

Շուշիի գրաւման առաջին տարելիցին Էրտողան եւ Ալիեւ ներկայ պիտի ըլլան օդակայանի մը բացման

Շուշիի գրաւման առաջին տարելիցին Էրտողան եւ Ալիեւ ներկայ պիտի ըլլան օդակայանի մը բացման

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը մտադիր են հայկական Շուշի քաղաքի գրաւման առաջին տարեդարձը Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ օդակայան բանալով նշել:

Թրքական Haberturk հեռուստաալիքի փոխանցմամբ՝ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 Նոյեմբերին:

Օդակայանին մէջ արդեն շահագործման յանձնուած է 3000 մեթր երկարութեամբ եւ 60 մեթր լայնութեամբ թռիչքուղին: Այն յագեցած է վայրէջքի համակարգերով եւ սարքերով, լուսաւորութեամբ, առաջնային եւ երկրորդային ռատիոտեղորոշիչ համակարգերով, որոնք կ'ապահովեն թռիչքներու անվտանգութիւնը՝ ICAO-ի բոլոր պահանջներուն համապատասխան: Այդ թոյլ պիտի տայ օդակայանին՝ որեւէ տեսակի ինքնաթիռ ընդունելու: