image

Շարժա. Պիտի կատարուի Հիլտա Չաղլասեանի մահուան քառասունքը

Շարժա. Պիտի կատարուի Հիլտա Չաղլասեանի մահուան քառասունքը

Քառասուն օրեր  առաջ Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հալէպի աւագ սերունդի նուիրեալ ներկայացուցիչներէն՝ Հիլտա Չաղլասեան: Իր մահուան քառասունքի առթիւ, Շարժայի մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն:

«Արեւելք» իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն:  Նշենք, որ  հոգեհանգստեան մասին տեղեկութիւնը տարածուած է ԱՄԷ-ի դիմատետրեան էջով  եւ այն ստորեւ կը ներկայացնենք մեր ընթերցող հասարակութեան։

«Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Նանոր Հրեշտակեան կը գուժեն իրենց մօր՝ հանգուցեալ  Հիլտա Չաղլասեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 13 Մարտ 2025-ին, Հալէպ- Սուրիա:

Այս տխուր առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն կը խնդրեն հանգուցեալ Հիլտա Չաղասեանի մահուան Քառասունքին առթիւ, Կիրակի 4 Մայիս 2025-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ցաւակցութիւններ պիտի ընդունուին Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս:

Մեր վշտակցութիւնները իր հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն: Աստուած երկնային հանգիստ պարգեւէ հանգուցեալին եւ մխիթարէ իր վշտահար մերձաւորները:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 

Թաղական Խորհուրդ»: