Forbes պարբերականը հրապարակած է «Ռուսական անշարժ գոյքի արքաները-2018» վարկանշային աղիւսակը, ուր կը ներկայացուին ռուս մեծագոյն գործարարները եւ անոնց մէկ տարուան մէջ շահած գումարները՝ իրենց ինչքերու վարձակալութեամբ:
Ըստ Forbes-ի` «Քիեւսքոյա փլոշատի»-ի սեփականատէրեր Զարահ Իլիեւ եւ Կոտ Նիսանով վեցերորդ տարին ըլլալով կը գլխաւորեն վարկանիշային աղիւսակը: Անոնք մէկ տարուան մէջ վարձակալութեան միջոցով շահած են աւելի քան 1,5 միլիառ տոլար:
Նշեալ աղիւսակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ ծագումով հայ գործարարներ Սամուէլ Կարապետեանը, Գագիկ Ադիբէկեանն ու Ռուբէն Վարդանեանը:
Մասնաւորապէս, վարկանշային աղիւսակին մէջ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը կը գրաւէ երրորդ տեղը: Ընկերութեան` վարձակալութիւններէ շահած եկամուտը 2017 թուականին կազմած է 650 միլիոն տոլար:
Forbes-ի տուեալներով` Գագիկ Ադիբէկեան եւ Ռուբէն Վարդանեան կը գրաւեն 28-րդ տեղը: Անոնց RD Group-ը մէկ տարուան ընթացքին վարձակալութեան շնորհիւ շահած է 65 միլիոն տոլար: