Ուքրանիան առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներմուծէ ատրպէյճանական կազ՝ Անդրպալքանեան միջանցքով, եւ այս առթիւ կնքուած է փորձնական՝ փոքր ծաւալի մատակարարման մասին առաջին համաձայնագիրը։ Այս մասին յայտնած է «Նաֆթօկազ Ուքրանիա» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Սէրկէյ Քորեցքին։
Յուլիսի սկիզբը Ուքրանիոյ այն ժամանակուայ ուժանիւթի նախարար Հերման Կալուշչենքօ քննարկում ունեցած էր ատրպէյճանցի իր գործընկեր Փարվիզ Շահպազովի հետ՝ Ատրպէյճանէն կազի մատակարարման հնարաւորութեան շուրջ։
«Ուքրանիան առաջին անգամն է որ Անդրպալքանեան միջանցքով ատրպէյճանական կազ կը ներմուծէ։ SOCAR խմբակին մաս կազմող SOCAR Energy Ukraine ընկերութեան հետ կազի գնման առաջին համաձայնագիրը կնքուած է։ Փորձնական մատակարարումը կը կատարուի Պուլկարիա-Ռումանիա-Ուքրանիա սահմանային երթուղիով։ Ասիկա փոքր, բայց ռազմավարական առումով կարեւոր քայլ մըն է, որ կը բանայ երկարատեւ համագործակցութեան ճանապարհը», - գրած է Քորեցկին իր դիմատետրեան էջին։