Իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլան մեծարուած է հայ-իտալական մշակութային կապերը ամրապնդելու գործընթացին բերած ներդրումին համար։
8 Յուլիսին, Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան Փատովայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իտալահայ գրող եւ հրապարակախօս Անթոնիա Արսլանի հետ։
Ջերմ եւ բարեկամական զրոյցի ընթացքին, կողմերը քննարկեցին հայ-իտալական յարաբերութիւններուն, մշակութային կապերու զարգացման վերաբերող հարցեր։
Երախտագիտութիւն յայտնելով երկարամեայ բեղմնաւոր գործունէութեան համար՝ դեսպանը տիկին Արսլանին յանձնեց շնորհակալագիր մը՝ Հայաստանի եւ Իտալիոյ մշակութային կապերը ամրապնդելու ուղղութեամբ այս վերջինի բերած ներդրումին եւ հայ մշակոյթը իտալացի հանրութեան ներկայացնելու անոր նշանակալի դերին համար։