image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Էյուպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ

Պոլիս. Էյուպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ

Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է տարեկան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւն, որուն հանդիսապետած է Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը։ Ան իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է, որ այս աղօթքի տան 350-րդ տարեդարձն է արդէն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝

Էյուպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ 13 Յուլիս 2024, Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։

Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։ Ներկայ էր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Արտէն Զէյֆիեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց Սաղմոսաց Գիրքէն «Օրհնեցից զՏէր յամենայն ժամ, յամենայն ժամ օրհնութիւն Նորա ի բերան իմ» (Ամէն ատեն Տէրը պիտի օրհնեմ, Տիրոջ օրհնութիւնը միշտ իմ բերանիս մէջ պիտի ըլլայ) բնաբանով եւ յիշեցուց, որ Քրիստոնեայի օրինակ առած ամէն մարդ եւ ուղեցոյցը՝ Աստուածաշունչ մատեանը կը սորվեցնեն մարդուն զԱստուած գովել եւ Անոր փառք տալ։ Մարդ արարած իր Արարչին հանդէպ երախտագիտութիւնը յայտնելով Աստուծոյ հետ կապ մը կը հաստատէ։ Երախտապարտ ըլլալը բարի բան է եւ Աստուծոյ հանդէպ մեծագոյն ապերախտը սատանան եղաւ։ Մեր Հոգեւոր Պետը ընդգծեց կարեւորութիւնը աղօթքի սկսելու փառք տալով, իսկ մեր խնդրանքները մեզմէ աւելի լաւ գիտէ Աստուած։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ խորանի գաղափարին, որ մեր տաճարներու ամենաէական մասն է եւ ուր Աստուծոյ նուէր կը տրուի ու լաւագոյն եւ ընդունելի նուէրն է մեր երախտիքն ու մեր փառքը։

Մեր Հոգեւոր Պետը ապա անդրադարձաւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմութեան։ Մեր այս աղօթքի տան 350-րդ տարեդարձն է արդէն։ Մեր պապերը եկան ու փառքի խորան կանգնեցին այս թաղին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը։ Շնորհաւորեց նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւն ու թաղային խորհուրդը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի պաշտօն կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ սատարողներու հոգւոցն ի հանգիստ, ինչպէս նաեւ մատաղօրհնութիւն։

Սիրոյ Սեղանի շուրջ հաւաքուեցան հիւրեր ու հրաւիրեալներ, նաեւ Զուարթնոց երգչախումբի անդամները։ Պատրիարք Հայրը սեղանակից եղաւ հոգեւոր հայրերու եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ եւ անդամներուն հետ։

Ելոյթներով հանդէս եկան Ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլու եւ անդամուհիներէն Տիկին Անոյշ-Գարմէն Սար։ Ատենապետը դիտել տուաւ որ ինք եւ գործակիցները երկուքուկէս տարիէ ի վեր կ'աշխատին վառ պահելու համար դարաւոր եկեղեցւոյ կանթեղը։ Յաջողած են ութնապատիկ աւելցնել վարձքերը, գոյացած շահոյթը բաժնելով կարիքաւոր մարդոց եւ հաստատութիւններուն, նաեւ կրթաթոշակ բաժնելով 5 աշակերտի։ Պր. Մուրատօղլու յիշեցուց որ իրենց եկեղեցւոյ մէջ ամէն ամիս, վերջին Շաբաթ օրը Ս. Պատարագ կը մատուցուի եւ զանազան թաղերէն հաւատացեալներ ուխտաւորաբար կուգան եկեղեցի։ Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աջակիցներուն։

Գալով Անոյշ-Գարմէն Սարի, ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց որ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը նշէ հիմնադրութեան 350ամեակն ու վերաշինութեան 198րդ ամեակը։ Ըսաւ որ դեռ դար մը առաջ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Առաքելեան վարժարանի շուրջ բոլորուած համայնք մը կար, հայեր ընդհանրապէս կը զբաղէին արհեստով ու պարտիզպանութեամբ։ «Թաղը անուանի էր լաւ մշակուած վարդաստաններով ու ծաղկանոցներով։ Այսօր ամէն ինչ դադրած է, բացի եկեղեցիէն։ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կանգնած է իբրեւ վկայութիւն մեր հաւատքի, մեր մշակոյթի ու մեր գոյատեւման», ըսաւ Տիկին Անոյշ-Գարմէն Սար եւ շնորհակալութեան բաժնէն առաջ, աւելցուց որ իւրաքանչիւր պատ, իւրաքանչիւր սիւն պատմութիւն մը կը կրէ, կարօտ մը, յուշ մը ու նաեւ խոստում մը՝ որ պիտի շարունակեն ապրեցնել այս սրբավայրը։

Զուարթնոց երգչախումբի անդամները քանի մը ինքնաբուխ կատարումներով շէնցուցին սիրոյ սեղանը։

Սիրոյ սեղանը եւ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ։

Աւելի վերջ եկեղեցւոյ խորհրդարանի մէջ մէկտեղուեցան Թաղականները, Պատրիարք Հայրն ու հոգեւոր հայրեր։ Տրուած ըլլալով որ Նորին Ամենապատուութեան անուանակոչութեան օրն էր, կտրուեցաւ կարկանդակ մը։