Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջին անգամ պիտի օգտագործէ իր նախագահական լիազօրութիւնները՝ առանց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հաստատման Ուքրանիա զէնքի նոր խմբաքանակ ուղարկելու համար։ Այդ մասին յայտնած է Reuters՝ յղում ընելով տեղեկացուած աղբիւրներուն։
Յատկացուած օգնութեան փաթեթի ծաւալը պիտի կազմէ մօտաւորապէս 300 միլիոն տոլար։ Այն կրնայ ներառել Patriot համակարգերու համար նախատեսուած հրթիռներ, HIMARS համակարգերու համար նախատեսուած GMLRS արկեր եւ միջին հեռահարութեան յարձակողական հրթիռներ։
7 յուլիսին Թրամփ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ պիտի մատակարարէ աւելի շատ զէնք, հիմնականին՝ պաշտպանական։ «Մենք պէտք է այդ ընենք։ Անոնք պէտք է կարողանան պաշտպանուիլ։ Այս պահուն անոնք շատ ուժեղ հարուածներ կը ստանան», - ըսած էր հանրապետական նախագահը։
Reuters-ի տուեալներով՝ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տրամադրութեան տակ մնացած է Ուքրանիոյ համար նախատեսուած 3.86 միլիառ տոլարի օգնութիւն, որ յատկացուած է Պայտընի նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։ Դեմոկրատ նախագահը վերջին 500 միլիոն տոլարի բաժինը հաստատած է 9 յունուար 2025-ին: