image

Սահակաշվիլիի կողմնակիցները «կը տաքնան»

Սահակաշվիլիի կողմնակիցները «կը տաքնան»

«Միացեալ ազգային շարժումը» սկսած է 3 հոկտեմբերի լայնածաւալ բողոքի նախապատրաստական աշխատանքները:

Վրաստանի ամենամեծ ընդդիմադիր կուսակցութեան ներկայացուցիչները, հաւաքուելով կեդրոնական գրասենեակ՝ քննարկած են իրենց առաջնորդ, Վրաստանի երրորդ նախագահ՝ Միխայիլ Սահակաշվիլիի ձերբակալութենէն ետք հետագայ գործողութիւններու ծրագիրը:

Վրաստանի վարչապետը ուրբաթ երեկոյեան յայտարարած է Սահակաշվիլիի ձերբակալութեան մասին: Վերջինս Ուրբաթ առաւօտեան ընկերային հարթակներով յայտարարած էր հայրենիք վերադառնալու մասին: Ձերբակալութեան մանրամասնութիւնները  բացայայտուած չեն: Ըստ որոշ լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն՝ Սահակաշվիլին ձերբակալուած է Թիֆլիսի Կլտանի-Նաձալատեւի շրջանը:

«Սահակաշվիլին ըրաւ իրմէ կախուած ամէն ինչ: Ես կ'ուզեմ կոչ ընել ձեզի, հասարակութիւն, հիմա ձեր հերթն է: Վաղը դուք պէտք է երթաք ընտրութիւններու եւ ամրագրէք ձեր դիրքորոշումը: Մենք այլ ծրագրեր չունինք: Վաղը մենք կ'ազատագրենք երկիրը եւ բոլորը կը հրաւիրենք նշելու մեր յաղթանակը», ըսած է կուսակցութեան առաջնորդներէն Լեւան Խապէիշվիլին: