image

Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը հանդիպած է երկրի Արտաքին Գործոցի տեղակալին հետ. Օրակարգը՝ Արցախն էր

Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը հանդիպած է երկրի Արտաքին Գործոցի տեղակալին հետ. Օրակարգը՝ Արցախն էր

Օգոստոս 14-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինն ընդունած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանը։ Այս մասին ըսուած է ՌԴ ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Մանրակրկիտ զրոյցի ընթացքին կողմերն անդրադարձած են երկկողմ օրակարգի արդիական հարցերուն, այդ շարքին՝ բոլոր մակարդակներու վրայ քաղաքական երկխօսութեան խթանման եւ տնտեսական կապերու ամրապնդման:

Քննարկուած է Լաչինի միջանցքին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի զարգացումը։

Վերահաստատուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններու խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը։