Ռուսական Կարմիր խաչը, 12 սեպտեմբերին, 15 թոն մարդասիրական օգնութիւն հասցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան։ Մարդասիրական օգնութիւնը բաժանուած է բնակչութեան։ Այս մասին յայտնած է ռուսական Կարմիր խաչի նախագահ Պաւել Սավչուքը։
Նշենք, որ 12 սեպտեմբերին, ռուսական Կարմիր խաչի միջոցով մարդասիրական բեռը Արցախի իշխանութեան թոյլտւութեամբ Ասկերան քաղաքով մուտք գործած է Արցախի Հանրապետութիւն:
«Մարդասիրական օգնութիւնը բաղկացած է 1000 պարէնային փաթեթներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներառէ ձաւարեղէն, ալիւր, շոգեխաշած միս եւ երկար պահպանման ժամկէտով այլ ապրանքներ։ Առանձին-առանձին պատրաստած ենք 192 փաթեթներ երեխաներու համար, որոնք կը ներառեն ե՛ւ առողջապահական պարագաներ, ե՛ւ սնունդ։ Բերած ենք նաեւ 270 անկողնային սպիտակեղէն եւ 200 առողջապահական պարագաներ»,–նշած է ան։
Մարդասիրական օգնութիւնը բաժանելէ ետք Ռուսիոյ Կարմիր խաչի խումբը պիտի վերադառնայ Ռուսիա։
Ան նշած է, որ յոյս ունին` իրենց առաքելութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման։ Կ'ակնկալեն, որ շուտով Լաչինի միջանցքը կը բացուի մարդասիրական ապրանքներու առաքման համար։