image

Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ սահմանին փոխհրաձգութենէն ետք 4 մարդ ձերբակալուած է

Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ սահմանին փոխհրաձգութենէն ետք 4 մարդ ձերբակալուած է

Ռուս-աբխազական սահմանի «Փսոու» անցակէտին մօտ փոխհրաձգութեան մէջ կասկածուող չորս մարդ ձերբակալուած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ապխազիոյ ՆԳՆ ղեկավար Ռոպերթ Քիութը։

Նախարարի խօսքով՝ եւս երեքը հետախուզման մէջ են։

Ան յստակեցուցած է, որ մէկը ձերբակալուած է Ռուսիոյ տարածքին մէջ, երեքը ՝ Աբխազիոյ, բոլորի ինքնութիւնը պարզուած է։

Յիշեցնենք` յունիս 23-ին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է ռուս-աբխազական սահմանին։ ՆԳՆ–ի տուեալներով՝ տուժած են Աբխազիոյ երեք քաղաքացիներ, եւս մէկը մահացած է: Քրէական գործ յարուցուած է սպանութեան եւ ապօրինի զէնք պահելու եւ փոխադրելու յօդուածներով։ Ուժայիններու տեղեկութիւններով՝ միջադէպի պատճառը Ապխազիոյ երկու քաղաքացիներու միջեւ անձնական բախումը եղած է։