image

Վահրամ Խորխոռունիի սպանութեան հարցով ձերբակալուածը կալանաւորուած է

Վահրամ Խորխոռունիի սպանութեան հարցով ձերբակալուածը  կալանաւորուած է

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահրամ Խորխոռունիի սպանութեան գործով ձերբակալուած անձը կալանաւորուած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն։

Քննչական կոմիտէն յուլիս 18-ին յայտնած էր, որ Խորխոռունիի` 27 տարի առաջ կատարուած սպանութիւնը բացայայտուած է, մէկ անձ` Ս.Ա.–ն, ձերբակալուած է։ Ըստ լրատուամիջիցներու` ձերբակալուածը Սասուն Առուշանեանն է (սպանութեան կազմակերպիչ), որ եղած է Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեանի թիկնազօրի պետը։ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարարի ուղղութեամբ արձակուած է 5 կրակոց, որոնցմէ երեքը` դէմքի, երկուքը՝ ձախէն կրծքաւանդակի թիկնային մակերեսի շրջաններուն, որու հետեւանքով ան տեղւոյն վրայ մահացած է։

«Խորխոռունու գործով ձերբակալուածը կալանաւորուել է երկու ամսով»,– տեղեկացուցած են Քննչական կոմիտէէն։

Յիշեցնենք, որ Վահրամ Խորխոռունին 1994 թուականին եղած է ՀՀ ներքին զօրքերու գնդապետ, 1993-1994 թուականներուն` Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներքին գործոց փոխնախարար, 1997–1998 թուականներուն` ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար։