Վաղ առաւօտէն ուժային կառոյցները կրկին ներխուժած են ՀՅԴ անդամներու տուներ։ Այս մասին յայտնած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի Հանրային կապերու գրասենեակէն։
Խուզարկութիւններ իրականացուած են ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի աշխատակազմի ղեկավար Վահագն Մատինեանի տան մէջ։
Բերման ենթարկուած է ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի անդամ Արսէն Մարտոյեանը։
ԱԱԾ-ն առգրաւած է ԱԺ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի հեռախօսը, իսկ որդին՝ Տարօն Մանուկեանը, ձերբակալած։ Այս մասին յայտնած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիսթինէ Վարդանեանը։
Գեղամ Մանուկեանի որդին՝ Տարօն Մանուկեանը, տեղափոխուած է Քննչական կոմիտէ։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի աշխատակազմի ղեկավար Վահագն Մատինեանի տան մէջ խուզարկութիւններուն զուգահեռ խուզարկութիւն կատարուած է նաեւ «Եղուարդ» խոշորացուած համայնքի աւագանիի անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գէորգ Մուրադեանի տան մէջ։
Վերջին տեղեկութիւններով՝ ՀՅԴ երիտասարդական թեւի 4-5 ներկայացուցիչ ձերբակալուած է։ «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեանը՝ նշելով, որ այս պահուն ինքն ալ յստակ տեղեկութիւններ չունի։
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Քրիսթինէ Վարդանեանն իր դիմատետրեան էջին յայտնած է, որ խուզարկութիւններու հետեւանքով ձերբակալուած ՀՅԴ անդամները կը տեղափոխեն Պարոյր Սեւակի 4 հասցէի վրայ գտնուող Երեւան քաղաքի քննչական վարչութիւն։