ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ յայտնած է, որ Մատրիտի մէջ կայանալիք դաշինքի գագաթաժողովի մասնակիցները Ռուսիան պիտի յայտարարեն անվտանգութեան սպառնալիք:
«Մենք պիտի յայտարարենք, որ Ռուսիան այլեւս գործընկեր չէ, այլ սպառնալիք է մեր անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ու կայունութեան», ըսած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղարը:
Ան յաւելած է, որ ՆԱԹՕ-ի նոր ռազմավարական հայեցակարգին մէջ պիտի յիշատակուի նաեւ Չինաստանը, որուն գործողութիւնները մարտահրաւէր կը հանդիսանան դաշինքի շահերուն, արժէքներուն եւ անվտանգութեան: