Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանագիրով 15 մայիսէն սկսեալ Վրաստանի քաղաքացիներու համար չեղեալ կը համարուի վիզային ռեժիմը։
Այսուհետեւ 90 օրով Ռուսիա այցելելու համար Վրաստանի քաղաքացիները վիզայի կարիք չեն ունենար։
Փութին նաեւ չեղեալ համարած է Ռուսիայէն Վրաստան օդային փոխադրումներու արգելքը, որ սահմանուած էր 2019 թուականի ամրան։