image

Ռուսիա պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար

Ռուսիա պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար

Ռուսական կողմը ողջունած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի բնագրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը։ Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի մեկնաբանութեան մէջ։

«Մենք կ՚ողջունենք Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի բնագրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը եւ միջպետական ​​յարաբերութիւններու հաստատումը: Մենք կ՚աջակցինք հայ-ատրպէյճանական լիարժէք եւ համապարփակ կարգաւորմանն ուղղուած այս կարեւոր քայլին, ինչպէս նախատեսուած է 2020-2022 թուականներուն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնագրերով»,- նշած է ան։

Անոր խօսքով, ռուսական կողմը պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու միջեւ շփումներու համար՝ երկկողմ յարաբերութիւններու ողջ շրջանակը կարգաւորելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար։

«Մենք կը հաստատոենք մեր առաջարկը՝ հարթակ տրամադրելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու միջեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ողջ շրջանակի, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար»,- նշած է  Զախարովան։