image

Ռուսիա կազատարի համար մեծ ներդրում պիտի ընէ Իրանի մէջ

Ռուսիա կազատարի համար մեծ ներդրում պիտի ընէ Իրանի մէջ

Ռուսիան Իրանի մէջ 44 միլիառ տոլար պիտի ներդնէ՝ կազատարի կառուցման եւ հանքավայրերու զարգացման համար, գրած է «Коммерсант»-ը։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նաւթի նախարար Ճաուատ Օուճին։

«Ռուսիոյ հետ ստորագրած ենք 4 միլիառ տոլարի  փոխըմբռնման յուշագիր՝ հանքավայրերու զարգացման համար, ինչպէս նաեւ 40 միլիառ տոլարի գործարք՝ կազատարներու եւ հեղուկացուած բնական կազի արդիւնահանման կայանքներու կառուցման համար»,-ըսած է ան։

Սեպտեմբերին Fars գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Իրանի նաւթի նախարարութեան զեկոյցը, յայտնած է, որ Իրանի ազգային նաւթային ընկերութիւնը «Կազփրոմ»-էն օրական 9 միլիոն խորանարտ մեթր կազ պիտի գնէ։ Կազը պիտի մատակարարուի Ատրպէյճանի տարածքով։

Բացի այդ, Իրան կը նախատեսէ ստանալ օրական 6 միլիոն խորանարտ մեթր կազ՝ այլ երկիրներ փոխանակելի մատակարարումներու համար։