image

Ռուսերը վիրաւորած ատրպէյճանցի պատգամաւորին դէմ բողոք

Ռուսերը վիրաւորած ատրպէյճանցի պատգամաւորին դէմ  բողոք
Պետական Տումայի փոխնախագահ Փիոթր Թոլսթոյը ընկերային ցանցերու միջիցաւ խոստացած է, որ ռուս ժողովուրդի հասցէին վիրաւորանքներն առանց հետեւանքներու պիտի չմնան՝ ատրպէյճանցի նախկին դիւանագէտ Իսֆանտիար Վաhապզատէի համար, գրած է svpressa.ru-ն:
 
Յիշեցնենք, որ Վաhապզատէն տեսաուղերձ տեսագրած էր Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Վլատիմիր Ժիրինովսքիին, որուն մէջ, ի թիւս այլ բաներու, ըսած էր, որ «ռուսական խոզերը գարշահոտ են», եւ ատոր պատճառով անհնար դարձած է շնչելը ամբողջ աշխարհի մէջ:
 
Թոլսթոյը նշած է, որ այս մարդը իրեն թոյլ կու տայ նման յայտարարութիւններ ընելու, քանի որ չի վախնար հետեւանքներէն, ինչպէս միւս մարդիկ, որոնք այսօր յետխորհրդային երիտասարդ հանրապետութիւններուն մէջ իրենց թոյլ կու տան վիրաւորելու ՌԴ-ն եւ անոր բնակիչները:
 
«Հետեւանքներ պիտի ըլլան: Կամ պէտք է ներողութիւն խնդրել: Մէկը կրնայ ներել միւսին, բայց մարդոց, հաւատքի եւ պետութեան նկատմամբ վիրաւորանքները կը մնան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ», - գրած է ան:
 
Աւելի վաղ Ժիրինովսքին կոչ ըրած էր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն քրէական գործ յարուցել Վաhապզատէի դէմ: