«Այսօր, 30 օգոստոսին, իմ մեծ ընկեր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Բակօ Սահակովիչ Սահակեան պիտի դառնայ 65 տարեկան։ Վաղը իմ մէկ այլ ընկերոջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առաջին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Սեդրակովիչ Քոչարեանի ծննդեան օրն է»։ Այս մասին գրած է Պետդումայի Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան հարցերով կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանտին Զատուլին։
«Տղամարդոց մէջ նախկին ընկերներ չկան։ Ես իմ պարտքը կը համարէի եւ կը համարեմ շնորհաւորել Ռոպերթ Քոչարեանը, զոր հայկական իշխանութիւնները կը շարունակեն հետապնդել նոյնիսկ, երբ ստիպուած էին զինք ազատ արձակել բանտէն։ Բայց, ցաւօք, չեմ կրնար զանգահարել եւ շնորհաւորական հեռագիր ուղարկել իմ ընկեր Բակոյին։ Ինծի մօտիկ կամ ծանօթ ԼՂ միւս ղեկավարներուն հետ միասին ան արդէն երկու տարի է ինչ Պաքուի բանտն է։
Բակօ Սահակեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր հայերը դաւաճանութեան զոհ դարձած են։ Մենք Ռուսիոյ մէջ, յատկապէս Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ, յատկապէս հիմա, պէտք է լաւ հասկնանք, թէ ինչ է դաւաճանութիւնը։ Ես կ'ուզեմ, որ Բակօ Սահակովիչը, Ռոպերթ Սեդրակովիչը եւ բոլորը իմանան, որ Ռուսիոյ մէջ շատ մարդիկ կան, շատ աւելի, քան հայերը Հայաստանի եւ նոյնիսկ ընդհանրապէս աշխարհի, որոնք կը յիշեն, կը յարգեն եւ կը կարեկցին:
Բայց ես վստահ եմ, որ արդարութեան ժամանակը պիտի գայ»,- գրած է Զատուլին։