image

Ռուսական բանակը կը մտնէ ուքրանական տարածքներ

Ռուսական բանակը կը մտնէ ուքրանական տարածքներ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին բանակին կարգադրած է մտնել Ուքրանիոյ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի շրջաններուն մէջ անջատականներու հսկողութեան տակ գնտուող տարածքներ, որոնք Մոսկուայի կողմէ Փետրուար 21-ի երեկոյեան ճանչցուած են որպէս ինքնիշխան երկիրներ:

Փութինի հրամանով ռուսական զօրքը «Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն մէջ խաղաղութիւն ապահովելու առաքելութիւն պիտի կատարէ»:

«Հաշուի առնելով Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան դիմումը` Պաշտպանութեան նախարարութեան կը կարգադրեմ մինչեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան պայմանագրի կնքումը, Ռուսաստանի զինուած ուժերուն միջոցով խաղաղութիւն ապահովել Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան տարածքին մէջ», կ'ըսուի Փութինի հրամանին մէջ:

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նմանօրինակ կարգադրութիւն ստացած է նաեւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան մէջ գործելու վերաբերեալ: