image

Ռուսաց դեսպանի ընտանեկան այցը Սիւնիք

Ռուսաց դեսպանի ընտանեկան այցը Սիւնիք
Հայաստանի մէջ ՌԴ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի արձակուրդային այցելութիւններու հերթական տեղը Արարատի մարզն էր, ուր դիւանագէտը ընտանիքի հետ եղած է Փոքր Վեդի գիւղի հնագիտական պեղումներու վայրը, յայտնած են ՀՀ-ի մէջ ՌԴ դեսպանատան դիմատետրեան էջէն։
 
Ուղեւորութեան ընթացքին Քոփիրքինը այցելած է նաեւ հայկական սահմանի առանձին հատուածներ, այդ շարքին Երասխի բնակավայրը, ուր հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի ԱԴԾ սահմանապահ վարչութեան Արարատի սահմանապահ ջոկատի հայ եւ ռուս սահմանապահներու հետ։
 
Ուղեկալներէն մէկուն այցելութեան ժամանակ դեսպանը ընտանիքի հետ ծաղիկներ խոնարհած է սահմանապահ Ա.Պ.Կորիակովի կիսանդրիի մօտ։ Կորիակովը զոհուած էր 1948 թուականին Թուրքիոյ տարածքէն ներխուժած ներթափանցող ուժերու հետ կռիւի ընթացքին՝ ծառայողական պարտքը կատարելու ժամանակ։