image

Ռուս քաղաքական գործիչ՝ Զատուլին Երեւանի մէջ հանդիպած է արցախցի բարձրաստիճան գործիչներու

Ռուս   քաղաքական  գործիչ՝ Զատուլին Երեւանի մէջ հանդիպած է  արցախցի բարձրաստիճան  գործիչներու

Ռուսիոյ Պետտումայի պատգամաւոր, Կոնստանդին Զատուլին այցելած է Հայաստան եւ հանդիպած է Արցախի գործող եւ նախկին նախագահներուն հետ:

Այս մասին պատգամաւորը տեղեկացուցած է Թելեկրամի իր ալիքով:

Ան նշած է, որ այցին նպատակն էր` ծանօթանալ ներկայիս հասարակական-քաղաքական իրավիճակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, զարգացնել կապերը ռուս հայրենակիցներու հետ:

«Կոնստանդին Զատուլինը հանդիպած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բոլոր նախկին նախագահներու` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ գործող նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պատգամաւորը նաեւ զրուցած է Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօրավար Անտրէյ Վոլքովի, Արցախի մէջ ռուսական համայնքի ղեկավար Ալեքսանտր Պորտովի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքինի հետ: