Չինական ելեկտրական ինքնաշարժներու հսկայ ընկերութեան մը տեղական ներկայացուցիչը Երեւանը ընտրած է՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իր մեծագոյն վաճառքի կեդրոնը հիմնելու համար:
Չինաստանի պետական «FAW Group»-ին կողմէ անցեալ շաբաթ Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ բացուած մօտ 3.000 քառակուսի մեթր տարածքով այս համալիրը կ՚ընդգրկէ գլխաւոր ցուցասրահ մը, սպասարկման կեդրոն եւ ինքնաշարժներ ներկելու յատուկ բաժանմունք: Անիկա պիտի սպասարկէ «FAW Group»-ի «Hongqi» շքեղ ապրանքանիշը:
Վերջին տարիներուն ելեկտրական ինքնաշարժները մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն Հայաստանի մէջ: Ըստ Պետական եկամուտներու կոմիտէի տրամադրած տուեալներուն՝ նախորդ տարի հայաստանցիները ներածած են աւելի քան 13.000 ելեկտրական ինքնաշարժ: Անցեալ տարուան Օգոստոսի աւարտին երկրին մէջ արձանագրուած էր շուրջ 23.000 ելեկտրական ինքնաշարժ, մինչ հինգ տարի առաջ այդ թիւը ընդամէնը 270 էր: Անոնցմէ շատերը յարաբերաբար մատչելի մոտէլներ են, արտադրուած՝ Չինաստանի մէջ, որ վերջին շրջանին վերածուած է այս ոլորտի համաշխարհային առաջատարի: Դէտերը կը նշեն, որ այս աննախադէպ աճը մասամբ պայմանաւորուած է կառավարութեան ընձեռած արտօնութիւններով, որոնք թոյլ կու տան ելեկտրական ինքնաշարժներ ներածել առանց մաքսատուրքի եւ ազատել զանոնք «աւելցուած արժէքի հարկ»-էն (ԱԱՀ)։
Կարեւոր է նշել սակայն, որ այրման շարժիչով (պենզին, տիզել, կազ) ինքնաշարժները տակաւին կը գերիշխեն Հայաստանի շուկային մէջ: Ընդհանուր առմամբ, ինքնաշարժը կը մնայ փոխադրութեան նախընտրելի միջոց երկրին մէջ, ուր լեռնային աշխարհագրութիւնը կը դժուարացնէ երթեւեկութեան այլ ձեւերը: Քանի որ Հայաստան չունի ինքնաշարժներու տեղական արտադրութիւն, երկիրը ամբողջութեամբ կախեալ է ներածումէն: Բացի ատկէ, աւանդական շարժիչներով ինքնաշարժներուն մեծ մասը յարմարցուած է հեղուկ կազով (LPG) աշխատելու, որ հիմնականին մէջ կը ներածուի Ռուսաստանէն: