Մէկ շաբթուայ ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի սակրաւորական խումբերը ժամանակակից սարքերու եւ ական յայտնաբերող շուներու միջոցով չպայթած ականներէն եւ արկերէն մաքրած են Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն 1 հեկտար:
Ամէն օր Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունու շրջաններու սահմանազատման գիծին մօտ ռուս խաղաղապահները աշխատանքներ կ'իրականացնեն չպայթած զինամթերքի, արկերու եւ ականներու որոնման ուղղութեամբ։
Զինուորները կ'իրականացնեն գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու եւ անասուններու արածեցման համար նախատեսուած տարածքներու մաքրման առաջադրանքները։
Ընդհանուր առմամբ, 2020-ի Նոյեմբերէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մարդասիրական ականազերծման ստորաբաժանման զինուորները չպայթած զինամթերքէ մաքրած են 2329 հա տարածք, 689,5 քմ ճանապարհ, ստուգած են 1937 շէնք, յայտնաբերած եւ վնասազերծած են 26.092 պայթուցիկ առարկայ: