image

Քոչարեան պիտի մասնակցի Սեպտեմբերի հանրահաւաքին

Քոչարեան պիտի մասնակցի Սեպտեմբերի հանրահաւաքին

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի մասնակցի 2 սեպտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ կայանալիք ընդդիմութեան հանրահաւաքին: Այս մասին այսօր՝ 31 օգոստոսին, NEWS.am-ի հարցին ի պատասխան՝ ըսած է ՀՀ երկրորդ նախագահի գրասենեակի պատասխանատու Բագրատ Միկոյեան:

Աւելի վաղ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, որու նախաձեռնութեամբ պիտի կայանայ հանրահաւաքը, կոչ ըրած է Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրով մտահոգ բոլոր քաղաքացիներուն 2 սեպտեմբերին` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, մասնակցելու հանրահաւաքին: