image

Քիշնեւի մէջ խաղաղութեան պայմանագիր պիտի չստորագրուի. Փաշինեան

Քիշնեւի մէջ  խաղաղութեան պայմանագիր պիտի չստորագրուի. Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Քիշնեւի մէջ յունիս մէկին կայանալիք հնգակողմ հանդիպման Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հաւանականութեան։

Անդրադառնալով քննարկումներուն, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է, որ յունիս 1-ին Քիշնեւի մէջ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի՝ Փաշինեան ըսած է.

«Մենք դեռեւս չենք ստացել Ադրբեջանի մեկնաբանութիւնները Վաշինգտոնից առաջ իրենց փոխանցած մեր առաջարկութիւնների վերաբերեալ: Եթէ ես ճիշդ եմ յիշում, դա խաղաղութեան պայմանագրի արդէն չորրորդ խմբագրումն է:

Չորրորդ խմբագրումը փոխանցել ենք, այս պահի դրութեամբ դեռեւս դրանց մեկնաբանութիւնները չենք ստացել: Հետեւաբար, այս պահի դրութեամբ կարող եմ ասել, որ չկայ համաձայնեցուած նախագիծ, որը հնարաւոր կը լինի ստորագրել»:

Քիշնեւի մէջ յունիս 1-ին պիտի կայանայ հնգակողմ հանդիպում՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի մասնակցութեամբ։