Ռուսիան յայտարարած է, որ Լոնտոնը «միտումնաւոր կերպով կ՚ընտրէ ուքրանական ճգնաժամի սրման» ուղին։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Լոնտոնի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը։
Այս յատարարութիւնը եղած է այն հաղորդումներէն ետք, ըստ որոնց՝ Ռուսիոյ տարածքին թիրախներ հարուածելու համար օգտագործուած են բրիտանական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքեր։
«Այսպիսով, Մեծ Բրիտանիան հանդէս կու գայ որպէս արիւնալի ոճիրներու եւ ահաբեկչական յարձակումներու յանցակից եւ մասնակից։
Լոնտոնի այս գործողութիւնները անխուսափելիօրէն հետեւանքներ պիտի ունենան, որոնց համար ան ստիպուած պիտի ըլլայ պատասխան տալ», նշած է դիւանագիտական առաքելութիւնը՝ աւելցնելով, որ որքան խոր ըլլայ երկրի ներգրաւուածութիւնը հակամարտութեան մէջ, «այնքան բարձր պիտի ըլլայ գինը», որ ան ստիպուած պիտի ըլլայ վճարել։
Ի պատասխան՝ Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը BBC-ին ըսած է, որ Լոնտոնը «ուսի-ուսի կանգնած է Ուքրանիոյ կողքին»։