image

Քիմ Քարտաշեանի քով ախտորոշուած է ուղեղի անեւրիզմա

Քիմ Քարտաշեանի քով ախտորոշուած է ուղեղի անեւրիզմա

Գործարար եւ ռիալիթի շոուի աստղ Քիմ Քարտաշեանի մօտ ուղեղի ազդերակի խուց (անեւրիզմա) ախտորոշուած է, կը հաղորդէ TMZ-ը՝ յղում տալով «Keeping Up With the Kardashians» հաղորդման վերջին դրուագին։

MRI հետազօտութեան ընթացքին յայտնաբերուած է ուղեղի ուռած արիւնատար անօթը։ Ան իր առողջական խնդիրները պատճառաբանած է ռափըր Քանիէ Ուեսթէն իր ամուսնալուծութեամբ։

Քարտաշեանը կը կարծէ, որ ամուսնալուծութեան սթրեսը ոչ միայն յառաջացուցած է անեւրիզմ (ազդերակի կամ անօթային խուց), այլեւ վատթարացուցած է իր քերծախտը (պսորիազը)։

Քիմն ու Քանիէն ամուսնացած եղած են 2014-էն 2022 թուականներուն եւ ունին չորս երեխայ։