Ոտքի կոտրուածքը Քիմ Քարտաշեանին չէ խանգարած ոճային եւ գրաւիչ տեսք ունենալ։
Ռեալիթի աստղը Լոս Անճելըսի մէջ կայացած SKIMS-ի Սուրբ Ծննդեան երեկոյթին ներկայացած է բաց եւ ցանկայարոյց զգեստով։
Քարտաշեանի կազմուածքն ընդգրկող կարմիր կաշիէ զգեստի վրայ պատկերուած էին կտրուածքներ եւ ժանեակներ: Անոր մազերը յարդարուած էին 90-ականներու ոճով՝ խոպոպներով եւ մեծ ալիքներով: Քիմը չէ թողած, որ կոտրուած ոտքը թուլացնէ իր տրամադրութիւնը եւ նոյնիսկ իր սքութըրը զարդարած էր կարմիր եւ կանաչ ծաղկեպսակով։
Միեւնոյն ժամանակ, անոր մայրը՝ Քրիս Ճեննըրը, ընտրած էր Khy-էն քրեմագոյն մինի զգեստ՝ համապատասխան կօշիկներով:
«Մենք սա չէինք ծրագրած... Մենք պարզապէս յայտնուեցանք նոյն տօնական երեկոյթին մեր @khy-երով»,- լուսանկարը մակագրած է Քլոէ Քարտաշեանը, որ կը կրէր մայրիկի նոյն զգեստի սեւ տարբերակը։