Քիեւի մէջ պայթումներ որոտացած են, տեղեկութիւնը հաստատած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոն, գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն:
«Քիեւի մէջ չորս պայթում լսուած է, հաղորդած են նաեւ Քիեւի մարզի մէջ հակաօդային պաշտպանութեան աշխատանքի մասին... Պայթումներէն ետք քաղաքին մէջ ծուխ նկատուած է»,- գրած է UNIAN գործակալութիւնը:
«Մայրաքաղաքի Փեչերսքի թաղամասի բնակիչները յայտնած են երեք զօրաւոր պայթումի մասին, որոնք լսուած են նաեւ Քիեւի այլ թաղամասերու մէջ»,- գրած է Strana.ua թերթը։
Տարբեր լրատուական միջոցներ նշած են որ, նախնական տուեալներով, մինչեւ այս պահը Քիեւի մէջ զոհուած է 12 անձ:
Քլիչքոյի խօսքով՝ պայթումները եղած են քաղաքի կեդրոնին մէջ՝ Շեւչենքոյի շրջանը։ Ան նշած է, որ դէպքի վայր մեկնած են բոլոր յատուկ ծառայութիւնները, խոստացած է մանրամասներ յայտնել աւելի ուշ։
Ինչպէս Twitter-ի էջին գրած է Ուքրանիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի խորհրդական Անթոն Կերաշչենքոն, հրթիռ ինկած է Վոլոտիմիրսքի փողոցին վրայ գտնուող Հրուշեւսքիի յուշարձանի մօտ։ Այս փողոցին վրայ կը գտնուի Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան գրասենեակը, իսկ մօտակայքը՝ նախագահականը։