image
Հրատապ լուրեր:

«Միասնական Ռուսաստան»-ը ստացած է քուէներու 57,85 տոկոսը. Ռուսիոյ Տումայի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները

«Միասնական Ռուսաստան»-ը ստացած է քուէներու 57,85 տոկոսը. Ռուսիոյ Տումայի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական Տումայի ընտրութիւններէն ետք արձանագրութիւններուն աւելի քան 83 տոկոսը մշակուած է, եւ «Միասնական Ռուսաստան» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 57,85 տոկոսը։ Այս մասին կը հաղորդէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։

Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Ռուսաստանի կոմունիստական կուսակցութիւնը՝ 13,83 տոկոսով, որուն կը յաջորդեն Ռուսաստանի լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը, «Նոր մարդիկ»՝ 7,96 տոկոս, եւ «Արդար Ռուսաստան» կուսակցութիւնը՝ 4,99 տոկոս։

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան «Վեսթի»ին յայտնած է, որ Պետական Տումայի ընտրութիւններուն ամենաաշխուժ ընտրատեղամասերէն մէկը եղած է Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան տարածքին գործող ընտրատեղամասը։

«Արտասահմանի ամենաշխուժ ընտրատեղամասերու շարքին առաջատար են Երեւանը, Պելկրատը, Կիպրոսը, Քիշնեւը, Փհենեանը, Փուքեթը եւ Ղազախստանը», ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ 9-րդ գումարման Պետական Տումայի պատգամաւորներու ընտրութիւններուն քուէարկութիւնը սկսած էր 17 Սեպտեմբերին։ 20 Սեպտեմբերը քուէարկութեան վերջին օրն էր։ Ընտրութիւններուն դաշնային կուսակցական ցուցակներով մասնակցած է 10 կուսակցութիւն՝ «Միասնական Ռուսաստան», Ռուսաստանի Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն, «Ուղիղ ժողովրդավարութեան կուսակցութիւն», «Կանաչներ», «Արդար Ռուսաստան», «Հայրենիք», ՌԴ Կոմունիստական կուսակցութիւն, «Թոշակառուներու կուսակցութիւն», «Ռուսաստանի կոմունիստներ» եւ «Նոր մարդիկ»։

Ընդհանուր առմամբ պէտք է ընտրուի Պետական Տումայի 450 պատգամաւոր․ 225-ը՝ համամասնական ցուցակներով, իսկ 225-ը՝ մեծամասնական ընտրատարածքներով։ Խորհրդարան անցնելու համար կուսակցութիւնները պէտք է յաղթահարեն 5 տոկոսանոց շեմը։

Պետական Տումայի ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին 25 Սեպտեմբերին։