image

Քեսապի «Համազգային»ի ներկայացուցիչներու այցը Գերշ. Տ. Մակար արք.ին

Քեսապի «Համազգային»ի ներկայացուցիչներու այցը Գերշ. Տ. Մակար արք.ին

Օրերս Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցելած են Քեսապի «Համազգային»ի ներկայացուցիչները։

Ստորեւ սոյն այցին մասին Թեմի  պաշտօնական էջին վրայ երեւցած գրառումը՝

Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Մանասէ Մանճիկեան, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Կարճիկեանի, այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը զեկուցեց Քեսապի մէջ տարուող մշակութային գործունէութեան մասին, անդրադարձաւ առկայ դժուարութիւններուն եւ Սրբազան Հօր աջակցութիւնը խնդրեց զանազան ծրագիրներու իրականացման համար։

Սրբազան Հայրը գնահատեց Քեսապի մէջ Համազգայինի մասնաճիւղին հետապնդումով տարուող մշակութանուէր գործունէութիւնը, իր աջակցութիւնը յայտնեց բոլոր ծրագիրներուն, որոնք պիտի նպաստեն Քեսապի մշակութային կեանքի վերածաղկումին եւ զանազան աշխատանքներու մէջ երիտասարդներու ներգրաւումին, եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց։

Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր նորատիպ գիրքերէն նուիրեց անոնց։