image
Հրատապ լուրեր:

Քէրքուքի հայ ընտանիքները 3 օր բանտարկուած մնացած են իրենց տուներուն մէջ. Աղբիւր

Քէրքուքի հայ ընտանիքները 3 օր բանտարկուած մնացած են իրենց տուներուն մէջ. Աղբիւր

Քէրքուքի հայերը 3 օր բանտարկուած մնացած են իրենց տուներուն մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քէրքուքի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ,  հանդարտ իրավիճակ տիրած է քաղաքէն ներս, սակայն անցնող երեք օրերուն քաղաքը դարձած էր թատերաբեմ՝ ծանր մարտերու: Պետական մարմիններ յորդորած են բնակիչները` մնալ իրենց տուներէն ներս եւ դուրս գալ միայն ծայրայեղ պարագաներու: Մեր աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ վերջին օրերուն հայ բնակիչները,  պատրաստուած ըլլալով նման վատ դրութեան,  սնունդի կամ դեղորայքի պակաս չեն ունեցած: Քաղաքը անցնող 72 ժամերուն թատերաբեմ եղած էր ծանր մարտերու, երբ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տասնեակ զինեալներ,   թափանցում մը կատարելով,  գրոհած էին կառավարական շէնքերու ուղղութեամբ եւ գրաւելէ ետք շէնքերէն մին, սկսած էին կրակ բանալ կառավարական ուժերուն դէմ: Ժամեր տեւած մարտերէ ետք իրաքեան բանակի ջոկատներ իրենց տիրապետութեան տակ առած են քաղաքը եւ յաջողած չէզոքացնել Տահէշի տասնեակ ահաբեկիչները:

Յիշեցնենք, որ իրաքեան Քէրքուք քաղաքին մէջ կ'ապրին շուրջ 30 հայ ընտանիքներ: Համայնքը կազմած է Ազգային Խորհուրդ, որուն ճիգերով եւ Պաղտատի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աւագ Արք Ասատուրեանի օրհնութեամբ ու ձեռամբ օրեր առաջ օծումը կատարուեցաւ նորակառոյց Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիին: