image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի մէջ բանտարկուածներու խնդիր.ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը մերժած է Հայաստանի շարք մը պահանջները

Պաքուի մէջ բանտարկուածներու խնդիր.ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը մերժած է Հայաստանի շարք մը պահանջները

ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը մերժած է Հայաստանի շարք մը պահանջներ, որոնք կը վերաբերէին Ռուբէն Վարդանեանի եւ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայերու պահման պայմաններուն եւ վերաբերմունքին:

Այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

«Հաշուետւութեան մէջ նշուած է, որ ուսումնասիրելով ատրպէյճանական կողմի պատասխանը եւ գործով համապատասխան ապացոյցները՝ ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագրի կիրառման վերաբերեալ, Դատարանը որոշած է չպահանջել լրացուցիչ տեղեկատւութիւն, ինչպէս նաեւ չպահանջել անկախ հետաքննութիւն կամ փորձագիտական ​​կարծիք բանտարկեալներու կալանքի պայմաններու վերաբերեալ»,-ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ։