image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսացի գործիչ. «Մշտապէս զօրակից ենք Արցախի բանտարկուած մեր ընկերներուն»

Ֆրանսացի գործիչ. «Մշտապէս զօրակից ենք Արցախի բանտարկուած մեր ընկերներուն»

Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու ոգեկոչման 110-ամեակի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, օրերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է ուշագրաւ միջոցառում մը: 

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Փարիզէն: 

Նշենք որ միջոցառման մասին դիմատետրեան էջի գրառումով մը անդրադարձած է նաեւ Ֆրանսայի համայնքային ազգային գործիչներէն՝ Սարօ Մարտիրեան: Ան կիսելով Լիւք Գարվունասի գրառումը մասնաւորապէս նշած է՝  

«Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչումը շարունակելու է վառ պահել ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակը, որոնք արմատախիլ եղան: Ես  անդրադարձայ  անցեալ նոյեմբերին քաղաքապետարանի պատուիրակութեան  մեր Հայաստան այցելութեան ժամանակ , ինչպէս նաեւ մշտական աջակցութեամբ Արցախի մեր ընկերներուն, որոնց մասին կը մտածենք եւ կը զօրակցինք իրենց  ազատութեան պայքարին մէջ»: