Կրօնական հաւատքի եւ գործունէութեան համար Իրանի մէջ բանտարկուած պատուելի Ճոզեֆ Շահպազեանը նախօրէին չէ կրցած մասնակցիլ իր 79-ամեայ մօր յուղարկաւորութեան, կը տեղեկացնեն «Արեւելք»-ի իրանեան աղբիւրները։
Միաժամանակ կը տեղեկանանք, որ Հայ Աւետարանական համայնքի պատուելի Ճոզեֆ Շահպազեանը մօր միակ խնամակալն էր, որ զրկուած է վերջին հրաժեշտի հնարաւորութենէն։ Յուղարկաւորութեան ներկայ չէ եղած նաեւ պատուելիի կինը՝ Լիտա Շահպազեանը, որ քանի մը օր առաջ նոյնպէս ձերբակալուած է՝ անվտանգութեան մարմիններու կողմէ Շահպազեաններու տան խուզարկումէն ետք։
Իրանեան մամուլին մէջ այսպիսի մեկնաբանութիւն յայտնուած է․ «Լիտա Շահպազեանը կրկին ձերբակալուած է, երբ Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները վերսկսած են բանակցութիւնները Օմանի մէջ, հակառակ այն բանին, որ յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրուած է կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ իրանեան կառավարութեան ճնշումներու վրայ»։
Ճոզեֆ Շահպազեանի՝ բանտի մէջ գտնուիլը եւ անոր կնոջ ձերբակալութիւնը որոշ շրջանակներու մօտ մտահոգութիւն առաջացուցած են՝ պարսկախօս քրիստոնեաներու դէմ իրանեան ռեժիմի ուժեղացուած արշաւի առումով։ Փաստաբան Խաթազա Կոնտուէն, որ մասնագիտացած է կրօնի կամ համոզմունքի ազատութեան հարցերով, կոչ ըրած է «անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակելու» Ջոզեֆը, Լիտան եւ երկրին մէջ գործող միւս կրօնական փոքրամասնութիւններու կալանաւորուած ներկայացուցիչները, որոնք կը մեղադրուին կրօնական իրաւունքները իրացնելու մէջ։ Նշուած է, որ Իրանը առանց վերապահումներու ստորագրած է երկրի մէջ կրօնական իրաւունքի ազատութեան միջազգային պայմանագրերը։
Ճոզեֆ Շահպազեանն առաջին անգամ ձերբակալուած է 2020 թուականին, ատկէ ետք ան ազատ արձակուած է եւ քանի մը անգամ կրկին ձերբակալուած, բանտարկուած եւ այսօր, հակառակ որ անոր քրիստոնէական գործունէութեան հետաքննութիւնը պաշտօնապէս աւարտած է, կը գտնուի Թեհրանի Էվին բանտին մէջ։