image
Հրատապ լուրեր:

Քաթար անպայման պիտի հակազդէ՝ Իսրայէլին

Քաթար անպայման պիտի հակազդէ՝ Իսրայէլին

Քաթարի վարչապետը կը պահանջէ, որ Նաթանիահուն ենթարկուի պատասխանատւութեան։ Այս մասին ան ըսած է CNN-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

Մուհամմետ պըն Ապտուլռահման ալ-Թանին նշած է, որ Նաթանիահուի գործողութիւնները ամբողջովին խոչընդոտած են Կազայի մէջ իսրայէլցի պատանդներու ազատ արձակման բոլոր հնարաւորութիւնները, որ լուրջ հարուած էր Տոհային։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Քաթարը բարձր կը գնահատէ Թրամփի կարծիքը՝ Տոհայի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն վերաբերեալ, եւ կը կարծէ, որ ժամանակն է լուրջ քայլեր ձեռնարկելու։

Վարչապետը աւելցուցած է, որ իր երկիրը տարածաշրջանային երկիրներէն կ՚ակնկալէ «իրական արձագանգ»՝ Իսրայէլէն եկող սպառնալիքները դադրեցնելու համար։

«Քաթարը իր գործընկերներուն հետ միասին պիտի գործէ՝ Իսրայէլի վարչապետը պատասխանատւութեան ենթարկելու եւ անոր անպատասխանատու գործողութիւններուն վերջ տալու համար»,– նշած է ան։