Մօտ 12.000 այլազգի քաղաքացի ու աֆղանցի, որոնք աշխատած են միջազգային մարդասիրական խումբերու մէջ, տարհանուած են Աֆղանիստանէն 15 Օգոստոսին, երբ «Թալեպան» շարժման անդամները գրաւեցին երկիրը,-կը հաղորդէ Reuters-ը:
Նոյն աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ մարդոց տեղափոխութիւնը արհեստականօրէն ձգձգած են, որպէսզի Քապուլի օդակայանին մէջ բախումներ չըլլան թալեպներու հետ:
Նախօրէին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը յայտնած է, որ Աֆղանիստանէն 18 հազար մարդ տեղափոխուած է: Նախագահը նշած է, որ ԱՄՆ քաղաքացիներուն օգնող աֆղանցիները տեղափոխելը նոյնքան կարեւոր է, որքան ամերիկացիները տեղափոխելը: ԱՄՆ ղեկավարը ըսած է նաեւ, որ թալեպները պայմանաւորուած են Միացեալ Նահանգներու հետ, որ արտօնեն այդ երկրի քաղաքացիներուն օդակայան մուտք գործել:
Մինչդեռ Քապուլի օդակայանին մէջ քաոսը կը շարունակուի: Տեղացիները կը փորձեն հասնիլ օդակայան, որպէսզի հեռանան երկրէն: Օդակայանին մէջ հրմշտոցի ժամանակ 7 մարդ զոհուած է:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել