image

Իրան յայտարարած է, որ Յորդանանի ռազմական օդակայանին մէջ խոցած է երկու ամերիկեան կործանիչ

Իրան յայտարարած է, որ Յորդանանի ռազմական օդակայանին մէջ խոցած  է երկու ամերիկեան կործանիչ

 

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդին համաձայն՝ իրանական բանակը Յորդանանի մէջ գտնուող ամերիկեան օդակայանին մէջ առնուազն երկու ամերիկեան կործանիչ ոչնչացուցած է։

«Այսօր առաւօտեան, ի պատասխան երէկ ամերիկացի թշնամիի գործած վայրագութիւններուն, Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի օդատիեզերական ուժերը սկսած են «Նասր-2» գործողութեան 20-րդ ալիքը եւ կործանարար հրթիռային հարուածներ ու անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած են Յորդանանի ամերիկեան «Ալ-Ազրաք» օդակայանի կործանիչ օդանաւերու անգարներուն եւ կայանատեղիներուն վրայ՝ ամբողջութեամբ ոչնչացնելով առնուազն երկու կործանիչ եւ երեք այլ ամերիկեան օդանաւ»,– նշուած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի մամուլի ծառայութեան յայտարարութեան մէջ։

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը յուլիսի 8-էն ի վեր քանի մը հարուածներ հասցուցած են Իրանին։ ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութիւնը պնդած է, որ այդ հարուածները պատասխան էին Հորմուզի նեղուցով անցնող առեւտրային նաւերուն դէմ Իրանի գործողութիւններուն։

Իրանի զինուած ուժերը իրենց կարգին հակադարձած են՝ հարուածներ հասցնելով Մերձաւոր Արեւելքի քանի մը երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն։