Երեւանի մէջ վերջերս կայացած Երեւանի միջազգային թատերական փառատօնին, որ հիւրընկալած է թատերախումբեր ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն, հանդէս եկած է նաեւ Պոլսոյ «Յանկարծ» թատերախումբը, ներկայացնելով խումբի այցեքարտը դարձած՝ «Իմ սիրտը լեռնագաւառն է» թատերախաղի հայերէն տարբերակը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Յանկարծ» թատերախումբը յաջող թատերաշրջանի մը մէջ կը գտնուի, ներկայացնելով «Իմ սիրտը լեռնագաւառն է» թատերախաղի հայերէն ու թրքերէն ներկայացումները։ Անցեալ շաբաթ, «Յանկարծ»ը Հայաստան գնաց, մասնակցելով Երեւանի միջազգային թատերական փառատօնին։
Այս ծիրէն ներս ներկայացումը տեղի ունեցաւ 27 Նոյեմբերին, «Գաբրիէլ Սունդուկեան» թատրոնի փոքր բեմի վրայ։ Բոլոր տոմսակները ծախուած էին, հանդիսականները շատ մեծ գոհունակութեամբ դիտեցին խաղը, որ «Յանկարծ»ի այցեքարտը դարձած է։
Յիշեցնենք որ «Յանկարծ»ը, վաղը, 3 Դեկտեմբերին, Մօտայի բեմին վերջին անգամ է որ բեմ պիտի ելլէ «Իմ սիրտը լեռնագաւառն է» թատերախաղի հայերէն տարբերակով։ Ատկէ զատ, 6 Դեկտեմբերին, Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, այս ներկայացումը պիտի բեմադրուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։