image

Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի անդամը հանդէս պիտի գայ ամերիկեան խումբին մէջ

Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի անդամը հանդէս պիտի գայ ամերիկեան խումբին մէջ

Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ Դանիէլ Կիրակոսեան միացած է Միացեալ Նահանգներու Georgetown College Tigers պասքեթպոլի խումբին։

Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը։

Կիրակոսեան նոր մրցաշրջանին հանդէս պիտի գայ ամերիկեան քոլէճային պասքեթպոլի մէջ՝ ներկայացնելով Georgetown College-ը։

Նախորդ մրցաշրջանին Դանիէլ Կիրակոսեան հանդէս եկած է «Ուրարտու»-ի կազմին մէջ՝ խումբին հետ դառնալով Հայաստանի Փրօպասքեթ Ա լիկայի ախոյեան եւ մրցաշրջանի արդիւնքներով ընդգրկուելով առաջնութեան լաւագոյն հնգեակին մէջ։