Կլենտէյլի Քոյր քաղաքներու յանձնախումբը հանրութիւնը կը հրաւիրէ տօնելու քաղաքին հարուստ մշակութային բազմազանութիւնն ու միջազգային կապերը՝ «Կլենտէյլի Առաջին Մշակութային Փառատօն»ին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 4ին, կ․ե․ ժամը 4էն 8, Կլենտէյլի կեդրոնը գտնուող Արցախ Ճեմուղիին (Artsakh Paseo, 125 N. Artsakh Ave., Glendale, CA 91206) վրայ։ Մուտքը ազատ է։
Մշակութային փառատօնը համայնքը պիտի համախմբէ երաժշտութեամբ, մշակութային ելոյթներով, համաշխարհային ուտեստներու համերով, ցուցասեղաններով, դէմքի գեղանկարչութեամբ (face painting) եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներով՝ առիթ ստեղծելով վայելելու եւ տօնելու այն աւանդոյթները, որոնք Կլենտէյլը կը կապեն աշխարհի տարբեր համայնքներուն։
Փառատօնին ընթացքին տեղի պիտի ունենան մշակութային ելոյթներ, որոնք պիտի ներկայացնեն Հայաստանի մէջ Կլենտէյլի քոյր քաղաքները, Արցախը, Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը, Ճափոնը, Քորէան, Մեքսիքան եւ Ֆիլիփինը։
«Կլենտէյլի ուժը կը բխի քաղաքին մէջ ապրող ժողովուրդի բազմազանութենէն։ Անոնք իրենց հետ բերած բազմաթիւ մշակոյթներով ու աւանդոյթներով կը հարստացնեն մեր քաղաքը», կ՛ըսէ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս (Արտի) Քասախեան։
Մշակութային փառատօնին նման ձեռնարկներու եւ մշակութային փոխանակումներու միջոցով, Կլենտէյլի Քոյր քաղաքներու յանձնախումբը կը ջանայ խթանել միջազգային բարեկամութիւնը, մշակութային փոխըմբռնումը եւ իմաստալից կապերը Կլենտէյլի եւ աշխարհի տարբեր համայնքներուն միջեւ։
Այն կազմակերպութիւնները, որոնք հետաքրքրուած են հովանաւորութեան միջոցով աջակցելու փառատօնին, կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել մինչեւ Սեպտեմբեր 14, այցելելով GlendaleCA.gov/CulturalFestival կայքէջը։